2010-01-26 13:52:30

2010 - Հայ կնոջ տարի` Կինը հայ եկեղեցւոյ մէջ


2010 - Հայ կնոջ տարի` Կինը հայ եկեղեցւոյ մէջ



Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ մեր բոլոր հայրերու աստուածաբանական մտածողութեան, դաւանաբանական կեցուածքներուն, հայրախօսական թէ սրբախօսական գրութեանց մէջ մնայուն ներկայութիւն եղած է կինը՝ միշտ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի ճամբով։ Նո՛յնը կարելի է ըսել մեր եկեղեցւոյ ծէսին, ուր աղօթքներու ու շարականներու մէջ որպէս բարեխօս Սուրբ Աստուածածնի յաճախակի յիշատակումը յիշեցում մըն է հայ կինը Աստուածածնի պատկերին համաձայն տեսնելու անհրաժեշտութեան։

Առաջին դարերէն սկսեալ, հայ եկեղեցւոյ համայնական կեանքին ու առաքելութեան եւս կնոջ մասնակցութիւնը եղած է կարեւոր։ Ունեցած ենք կոյսեր ու սարկաւագուհիներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ընկերային ու բարեսիրական ծառայութեան մասնակից քոյրեր ունեցած ենք յայտնի թէ անյայտ բազմաթիւ կին սուրբեր ու նահատակներ, որոնք մեր եկեղեցւոյ հաւատքի առաքելութիւնը հարստացուցած են իրենց սրբակենցաղ կեանքով, ծառայական կոչումով եւ նո՛յնիսկ արեան վկայութեամբ։ Հայ եկեղեցւոյ հոգեմտաւոր առաքելութեան, ինչպէս մանրանկարչութիւն, ձեռագիրներու ընդօրինակութիւն, թարգմանչական թէ դաստիարակչական աշխատանք, հայ կինը իր ներդրումը կատարած է։ Մեր առաջին եկեղեցիները մկրտուած են իգական անուններով օրինակ՝ Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Գայիանէ, Սուրբ Հռիփսիմէ։ Հակառակ կնոջ նկատմամբ մեր եկեղեցւոյ ունեցած ընդհանրապէս արեւելեան մօտեցումներուն, հայ կինը մեր կեանքին լուսանցքին վրայ չէ մնացած երբեք։

Մեր եկեղեցւոյ հայրերը գնահատանք ու գուրգուրանք ցուցաբերած են կնոջ նկատմամբ՝ անոր մէջ Սուրբ Աստուածածնի առաքինութիւնները տեսնելու նախանձախնդրութենէն թելադրուած։








All the contents on this site are copyrighted ©.